2012-05-11 09:41:31

"Հայաստան`Քրիստոնէութեան Մոռցուած Օրրան". Ամերիկացի Լրագրողի Մը Հայաստանեան Տպաւորութիւնները.


Ամերիկացի լրագրող Ռութ Հիլլ Washington Times-ի էջերուն մէջ գրի առած է Հայաստան կատարած այցին վերաբերեալ իր տպաւորութիւնները:

«2013-ին քրիստոնեայ աշխարհը պիտի նշէ հաւատքի ընդունման 1700-ամեակը, եւ այս առիթով Հայաստան արժանի է հաւատացեալներու ուշադրութեան ու այցելութեան:

Թէեւ Թուրքիոյ,Արեւելեան Եւրոպայի եւ Արեւմտեան Ասիոյ միջեւ ինկած Հայաստանը 301-ին աշխարհի մէջ առաջինը ընդունած է քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն, սակայն ժամանակակից աշխարհի մէջ այս երկիրը աւելի շատ «յայտնի» է 1915-ին տեղի ունեցած ցեղասպանութեան փաստով, քան իբրեւ քրիստոնէութիւնը առաջինը ընդունած պետութիւն:
Հայաստանի բնակչութեան 94%-ը քրիստոնեաներ են: Հայաստանի առաքելական եկեղեցին հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի 12 առաքեալներէն երկուքի` Թադէոսի եւ Բարդուղիմէոսի կողմէ եւ կը շարունակէ անկախ մնալ թէ' կաթողիկէ ,եւ թէ' ուղղափառ եկեղեցիներէն:

Թէեւ, ԽՍՀՄ-ի օրօք փորձուած էր քրիստոնէութիւնը արգիլել Հայաստանի մէջ՝ բազում եկեղեցիներ ու սրբավայրեր կործանելով, այնուամենայնիւ, խորհրդային իշխանութիւնները չյաջողեցան: Խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք, հայերը անմիջապէս յանձն առին վնասուած եկեղեցիներու վերականգնման գործը:

Հայ ժողովուրդը իր հաւատքէն չշեղեցաւ նոյնիսկ այն պարագային, երբ 19-րդ դարուն ռուսական ցարը կը փորձէր ստիպել անոնց միանալու ռուսական ուղղափառ եկեղեցիին»,( կը գրէ լրագրողը):

Ռութ Հիլլ Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն համար առաջնային հետաքրքրութիւններու ցանկին մէջ կ'առանձնացնէ 4-րդ դարուն քարանձաւի մէջ կառուցուած Գեղարդի Վանքը, ուր հիանալի տեսարան կը բացուի դէպի Արարատ Լեռը` Նոյեան Տապանի վերջին հանգրուանը: Գեղարդի մէջ պահուող սուրբ մասունքներէն ամենագլխաւորը խաչուած Քրիստոսը վիրաւորած նետն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.